YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 7

7
ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
1«Յանցանքի պատարագին օրէնքը այս է, որ ամենասուրբ է. 2Ողջակէզը մորթած տեղերնին յանցանքի պատարագը պէտք է մորթեն եւ անոր արիւնը սեղանին շուրջը պէտք է սրսկէ։ 3Եւ անկէ բոլոր ճարպը, այսինքն դմակն ու փորոտիքը ծածկող ճարպը պէտք է մատուցանէ 4Եւ երկու երիկամունքն ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ 5Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ ասոնք՝ Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ Ասիկա յանցանքի պատարագ է։ 6Քահանաներէն ամէն արու պէտք է ուտէ զայն. սուրբ տեղը պիտի ուտուի, քանզի ամենասուրբ է։ 7Մեղքի պատարագը ինչպէս որ կ’ըլլայ, յանցանքի պատարագն ալ այնպէս պէտք է ըլլայ։ Անոնց օրէնքը մէկ է։ Ան քաւութիւն ընող քահանային պիտի ըլլայ։ 8Եւ քահանայ մը, որ մէկուն ողջակէզ կը մատուցանէ, այդ քահանան իր մատուցանած ողջակէզին մորթը իրեն պէտք է առնէ։ 9Եւ թոնիրի մէջ եփուած ու սանի մէջ եւ տապակի վրայ շինուած բոլոր հացի ընծան, զանիկա մատուցանող քահանային պէտք է ըլլայ։ 10Ամէն իւղով շաղուած կամ #7:10 Եբր., չորառանց իւղի՝ ՝ հացի ընծան Ահարոնին բոլոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ Բոլորին բաժինը հաւասար ըլլալու է։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
11Տէրոջը մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է՝ 12Եթէ շնորհակալութեան համար պիտի մատուցանէ զայն, այն ատեն շնորհակալութեան զոհին հետ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր ու իւղով օծուած անխմոր լավաշներ եւ բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած խառնուած շօթեր պէտք է մատուցանէ։ 13Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին շօթերէն զատ՝ խմորեալ հացէ ընծայ մը պէտք է մատուցանէ։ 14Եւ անկէ, այսինքն բոլոր ընծաներէն, մէկ հատ բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը։ Ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային պիտի ըլլայ։ 15Եւ շնորհակալութեան համար՝ իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի. անկէ մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։ 16Եւ եթէ իր ընծան ուխտի համար է կամ կամաւոր զոհ է, զոհը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի ու մնացածը հետեւեալ օրը պէտք է ուտուի։ 17Զոհին միսէն երրորդ օրուան մնացածը կրակով թող այրուի։ 18Եթէ երրորդ օրը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտուելու ըլլայ, ընդունելի պիտի չըլլայ։ Անիկա մատուցանողին զոհ պիտի չսեպուի, պղծութիւն պիտի ըլլայ ու անկէ ուտող անձը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։ 19Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի դպած միս պէտք չէ ուտուի, կրակով պէտք է այրուի. սակայն ամէն մաքուր եղողը կրնայ ուտել խաղաղութեան զոհին միսէն։ 20Բայց այն անձը, որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, Տէրոջը խաղաղութեան զոհէն միս ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։ 21Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի մը թէ՛ մարդու անմաքրութեան, թէ՛ անմաքուր անասունի եւ թէ՛ ամէն կերպ անմաքուր #7:21 Կամ, սողունիպիղծ բանի՝ ՝ մը դպչող անձը եթէ Տէրոջը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտելու ըլլայ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։
22Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 23«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Բնաւ արջառի կամ ոչխարի կամ այծի ճարպ մի՛ ուտէք։ 24Եւ մեռած անասունին ճարպը ամէն գործի մէջ կրնայ գործածուիլ, բայց անկէ բնաւ մի՛ ուտէք։ 25Քանզի ով որ Տէրոջը պատարագ մատուցուելու անասունին ճարպէն ուտելու ըլլայ, այն ուտող անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։ 26Ձեր բնակարաններուն մէջ բնաւ արիւն մի՛ ուտէք, թռչունի ըլլայ թէ անասունի։ 27Ով որ ոեւէ արիւն ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։
28Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 29«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Իր խաղաղութեան զոհը Տէրոջը մատուցանողը իր խաղաղութեան զոհէն պէտք է ընծայէ Տէրոջը։ 30Տէրոջը պատարագները իր ձեռքովը պէտք է բերէ։ Երբուծով ճարպ պէտք է բերէ, որպէս զի երբուծը երերցնելու ընծայի համար երերցուի Տէրոջը առջեւ։ 31Քահանան ճարպը թող այրէ սեղանին վրայ. բայց երբուծը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ 32Ձեր խաղաղութեան զոհերէն աջ զիստը քահանային պէտք է տաք՝ բարձրացնելու ընծայի համար։ 33Ահարոնի որդիներէն՝ խաղաղութեան զոհին արիւնը ու ճարպը ո՛վ որ մատուցանէ, աջ զիստը իրեն բաժինը պիտի ըլլայ։ 34Քանզի անոնց խաղաղութեան զոհերէն երերցնելու երբուծը եւ բարձրացնելու զիստը Իսրայէլի որդիներէն առի եւ զանոնք յաւիտենական կանոնով Իսրայէլի որդիներէն Ահարոն քահանային ու անոր որդիներուն տուի։ 35Ասիկա Տէրոջը պատարագներէն Ահարոնին եւ անոր որդիներուն իրենց օծման բաժին տրուեցաւ, զանոնք Տէրոջը քահանայութիւն ընելու մօտեցուցած օրը, 36Որոնց օծուած օրը, Տէրը հրամայեց, որ Իսրայէլի որդիներէն անոնց տրուի։ Իրենց ցեղերուն յաւիտենական պարտքն է։
37Ողջակէզին, հացի ընծային եւ մեղքի պատարագին եւ յանցանքի պատարագին ու օրհնութիւններուն եւ խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է, 38Որը Տէրը պատուիրեց Մովսէսին Սինա լեռը, այն օրը երբ Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց իրենց ընծաները Տէրոջը մատուցանել Սինայի անապատին մէջ։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 7: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy