YouVersion Logo
Search Icon

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 22

22
ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ որ Իսրայէլի որդիներուն մատուցուած սուրբ բաներէն #22:2 Եբր., հեռուզգոյշ կենան եւ իմ սուրբ անունս չպղծեն այն բաներով, որոնք ինծի կը նուիրեն։ Ես եմ Տէրը։ 3Ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր բոլոր սերունդէն ձեր ազգերուն մէջ՝ ով որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով մօտենայ այն սուրբ բաներուն, որոնք Իսրայէլի որդիները կը նուիրեն Տէրոջը, այն անձը իմ առջեւէս պէտք է կորսուի։ Ես եմ Տէրը։ 4Ով որ Ահարոնի ցեղէն բորոտ ըլլայ, կամ ծորում ունենայ, սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ մինչեւ իր մաքրուիլը եւ ով որ մեռելէ պղծուած բանի մը դպչի կամ մարդ մը, որուն զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելած է, 5Կամ ով որ դպչի ոեւէ սողունի մը որով կրնայ անմաքուր ըլլալ, կամ մարդու մը որմէ կրնայ անմաքուր ըլլալ, ոեւէ անմաքրութիւն որ անիկա կրնայ ունենալ, 6Ասոնց դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պէտք է սեպուի եւ սուրբ բաներէն չուտէ, հապա իր մարմինը ջրով լուայ։ 7Բայց երբ արեգակը մարը մտնէ, մաքուր պէտք է սեպուի ու ետքը սուրբ բաներէն ուտէ, վասն զի անիկա իր հացն է։ 8Անիկա մեռած մը կամ գազանէ պատառուած մը պէտք չէ ուտէ, որպէս զի անով չպղծուի։ Ես եմ Տէրը։ 9Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահեն, որպէս զի անոր համար մեղք չգործեն ու զայն պղծելնուն համար չմեռնին։ Ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ։
10Ոեւէ օտարական սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ. քահանային հիւրը կամ վարձկանն ալ սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ։ 11Բայց քահանային իր ստակով ծախու առած անձը ու իր տունը ծնածը անկէ կրնան ուտել։ Անոնք իր կերակուրէն կրնան ուտել։ 12Եթէ քահանային աղջիկը օտարականի մը հետ ամուսնանայ, անիկա նուիրուած սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ։ 13Բայց եթէ քահանային աղջիկը որբեւարի կամ արձակուած ըլլայ ու զաւակ չունենայ եւ իր հօրը տունը դարձած ըլլայ, այն ատեն իր աղջկութեան ժամանակին պէս իր հօրը հացէն կրնայ ուտել, սակայն օտարական մը անկէ բնաւ պէտք չէ ուտէ։
14Եթէ մարդ մը չգիտնալով սուրբ բանէ մը ուտէ, անոր վրայ արժէքին մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ ու սուրբ բանովը մէկտեղ քահանային տայ. 15Քահանան Իսրայէլի որդիներուն Տէրոջը մատուցուած սուրբ բաները պէտք չէ պղծէ 16#22:16 Կամ, Ու քահանաները անոնց վրայ յանցանքի անօրէնութիւնը պիտի բերեն՝ երբ անոնք իրենց սուրբ բաները ուտենՈւ իրենց սուրբ բաները ուտելով՝ յանցանքի անօրէնութիւնը իրենց վրայ պէտք չէ բերէն՝ ՝, վասն զի ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ’»։
17Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 18«Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ բնակող օտարականներէն մէկը իր զոհը ներկայացնէ որպէս ուխտի հատուցում կամ իբր կամաւոր ընծայ, որ Աստուծոյ մատուցուի որպէս ողջակէզ, 19Պէտք է արու եւ անարատ արջառ մը, ոչխար մը կամ այծ մը ըլլայ, որպէս զի ընդունելի ըլլայ։ 20Արատ ունեցող մը բնաւ մի՛ մատուցանէք, վասն զի ընդունելի չըլլար։ 21Եւ ուխտ կատարելու համար կամ կամաւոր ընծայի համար, ով որ արջառներէն կամ ոչխարներէն Տէրոջը խաղաղութեան զոհ մատուցանելու ըլլայ, մատուցուածը անարատ պէտք է ըլլայ, որպէս զի ընդունուի. բնաւ արատ մը պէտք չէ ըլլայ անոր վրայ։ 22Կոյր կամ մէկ կողմը կոտրած կամ կտրուած կամ խաղաւարտ ունեցող կամ քոսոտ կամ որքիւնոտ եղածներէն Տէրոջը պէտք չէ մատուցանէք, ոչ ալ ասոնցմէ Տէրոջը պատարագի համար սեղանին վրայ պէտք է դնէք։ 23Բայց անդամներուն մէջ աւելորդ մաս մը կամ պակասութիւն ունեցող զուարակը կամ ոչխարը կամաւոր ընծայի համար կրնաք մատուցանել, սակայն ուխտի համար պիտի չընդունուի այն։ 24Ամորձիքը ճմլուածը կամ ճզմուածը կամ փրցուածը կամ կտրուածը մի՛ մատուցանէք Տէրոջը եւ ձեր երկրին մէջ մի՛ ընէք այս բաները։ 25Եւ օտարականի մը ձեռքէն ալ՝ ասոնցմէ ոեւէ մէկը ձեր Աստուծոյն #22:25 Եբր., հացպատարագ մի՛ մատուցանէք, վասն զի անոնց մէջ խեղութիւն ու արատ կայ։ Անոնք ընդունելի պիտի չըլլան»։
26Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 27«Երբ զուարակ կամ ոչխար կամ այծ ծնի, եօթը օր իր մօրը քով թող մնայ եւ ութերորդ օրը ու անկէ յետոյ Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ պատարագի ընծայի համար։ 28Եւ կովը կամ ոչխարը իր ձագով մէկտեղ մէկ օրուան մէջ մի՛ մորթէք։
29Եւ երբ գոհութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս պէտք է մատուցանէք, որ ձեզի համար ընդունելի ըլլայ. 30Նոյն օրը պէտք է ուտուի անիկա, անկէ մինչեւ առտու մի՛ թողուք։ Ես եմ Տէրը։
31Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք եւ կատարէք զանոնք։ Ես եմ Տէրը։ 32Եւ իմ սուրբ անունս մի՛ պղծէք, որպէս զի ես սրբուիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ, 33Որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Տէրը»։

Currently Selected:

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 22: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy