YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 44

44
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՐԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
1Զիս սրբարանին դէպի արեւելք նայող դուրսի դրանը ճամբան դարձուց։ Անիկա գոց էր։ 2Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս դուռը գոց պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ։ 3Անիկա իշխանին համար պիտի ըլլայ, հոն միայն իշխանը պիտի նստի Տէրոջը առջեւ հաց ուտելու համար։ Անիկա սրահին դրանը ճամբայէն պիտի մտնէ ու նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ»։
ՏԱՃԱՐԻ ՄՈՒՏՔԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ
4Զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն տանը առջեւ տարաւ։ Տեսայ թէ Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր. ուստի երեսիս վրայ ինկայ։ 5Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէրոջը տանը բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր օրէնքներուն վրայով քեզի ըսածներս միտքդ պահէ՛։ Աչքերովդ տե՛ս եւ ականջներովդ լսէ՛։ Տանը մուտքերը ու սրբարանին բոլոր ելքերը աղէկ դիտէ՛ 6Եւ ապստամբներուն՝ Իսրայէլի տանը՝ ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ալ հերիք է ձեզի ձեր բոլոր պղծութիւնները, ո՛վ Իսրայէլի տուն, 7Որ դուք սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ օտարազգիներ մօտեցուցիք, որ իմ սրբարանիս մէջ մտնեն ու իմ տունս պղծեն, երբ դուք իմ հացս, ճարպն ու արիւնը կը մատուցանէիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն զատ անոնք իմ ուխտս խափանեցին։ 8Իմ սուրբ բաներուս պահպանութիւն չըրիք, հապա իմ սրբարանիս մէջ ձեր ուզածին պէս պահապաններ դրիք’»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՈՒԻՆ
9Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ եղող բոլոր օտարազգիներէն՝ սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ ոեւէ օտարազգի իմ սրբարանս պիտի չմտնէ։ 10Մանաւանդ Ղեւտացիները, որոնք ինծմէ հեռացան, երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան ու իրենց կուռքերուն ետեւէն գացին, ուստի իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։ 11Իմ սրբարանիս մէջ տանը դռները որոշուած սպասաւորներ ու տաճարին սպասաւորներ պէտք է գտնուին, որպէս զի ժողովուրդին համար ողջակէզներ ու զոհեր մորթեն ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար անոնց առջեւ կայնին։ 12Որովհետեւ անոնց կուռքերուն առջեւ ծառայութիւն ըրին ու Իսրայէլի տանը գայթակղութեան ու անօրէնութեան պատճառ եղան, անոր համար անոնց վրայ իմ ձեռքս վերցուցի։ Անոնք իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։ 13Ինծի պիտի չմօտենան քահանայութիւն ընելու ու իմ բոլոր սուրբ բաներուս եւ ամենասուրբ բաներուս պիտի չմօտենան, հապա իրենց անարգանքը ու իրենց պղծութիւնները պիտի կրեն։ 14Սակայն զանոնք տանը վրայ պահապան պիտի դնեմ անոր ծառայելու ու անոր մէջ եղած բոլոր գործերուն համար»։
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ
15«Բայց Ղեւտացի քահանաները, այսինքն Սադովկի որդիները, որոնք իմ սրբարանիս պահպանութիւնը կատարեցին երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան, անոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան եւ ճարպն ու արիւնը ինծի մատուցանելու համար անոնք իմ առջեւս պիտի կայնին», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 16Անոնք իմ սրբարանս պիտի մտնեն ու ինծի ծառայութիւն ընելու համար պիտի մօտենան իմ սեղանիս եւ պահպանութիւն պիտի ընեն։ 17Երբ ներսի գաւիթին դռներէն մտնեն՝ կտաւէ զգեստներ պիտի հագնին ու ներսի գաւիթին դռները ու ներսը ծառայութիւն ըրած ատեննին իրենց վրայ բուրդ պիտի #44:17 Եբր., չելլէչհագնին։ 18Իրենց գլուխներուն վրայ կտաւէ ապարօշ թող կրեն ու մէջքերնին կտաւէ վարտիքներ թող ունենան։ Քրտնցնող բան պիտի չհագնին։ 19Երբ դուրսի գաւիթը ժողովուրդին ելլեն, իրենց պաշտամունքին զգեստները թող հանեն ու զանոնք սուրբ սենեակներուն մէջ դնեն եւ ուրիշ զգեստներ հագնին, որպէս զի իրենց զգեստներովը ժողովուրդը չսրբեն։ 20Գլուխնին թող չածիլեն, ո՛չ ալ մազերնին երկնցնեն, հապա միայն գլուխին մազերը կարճցնեն։ 21Ոեւէ քահանա գինի պէտք չէ խմէ, երբ ներքին գաւիթը մտնէ։ 22Որբեւարին կամ արձակուածը իրենց կին պէտք չէ առնեն, հապա Իսրայէլի սերունդէն եղող կոյսը կամ քահանայէ մը որբեւարի մնացած կինը առնեն։ 23Իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պէտք է սորվեցնեն եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն։ 24Ու դատերու ատեն անոնք պէտք է կենան դատաստան ընելու համար ու իմ օրէնքներուս համեմատ զանոնք դատեն։ Իմ բոլոր տօներուս մէջ իմ օրէնքներս ու կանոններս պիտի պահեն ու շաբաթներս սրբեն։ 25Եւ մարդու մեռելի քով պիտի չերթան՝ որ չանմաքրուին. հապա միայն հօր, կամ մօր, կամ տղու, կամ աղջկայ, կամ եղբօր, կամ չամուսնացած քրոջ քով կրնան երթալ։ 26Մէկուն սրբուելէն ետքը եօթը օր պիտի հաշուեն։ 27Անիկա սրբարանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար ներսի գաւիթը՝ սրբարանը մտած օրը՝ իր մեղքի պատարագը թող մատուցանէ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
28Ասիկա անոնց ժառանգութիւն պիտի չըլլայ։ Անոնց ժառանգութիւնը ես եմ ու Իսրայէլի մէջ անոնց կալուած մի՛ տաք։ Անոնց կալուածը ես եմ։ 29Հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պիտի ուտեն։ Իսրայէլին տրուած ամէն նուէր անոնց պիտի ըլլայ։ 30Ամէն բանի երախայրիները ու ձեր բոլոր ընծաները քահանային պիտի ըլլան։ Ձեր գործերուն երախայրին քահանային պիտի տաք, որպէս զի ձեր տանը վրայ օրհնութիւն բերէք։ 31Քահանաները բնաւ ինքնիրեն մեռած կամ գազաններէ մեռցուած անասունի միս պիտի չուտեն, թռչուն ըլլայ կամ չորքոտանի։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 44: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy