YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 4

4
ԵԶԵԿԻԷԼ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ
1«Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի աղիւս մը ա՛ռ ու զանիկա առջեւդ դի՛ր։ Անոր վրայ քաղաք մը, այսինքն Երուսաղէմը, նկարէ՛։ 2Անոր բոլորտիքը պաշարում դի՛ր եւ անոր դէմ մարտկոց շինէ՛ ու անոր դէմ պատնէշ կանգնեցո՛ւր եւ անոր դէմ բանակ կազմէ՛ ու անոր բոլորտիքը #4:2 Եբր., խոյերպատերազմական մեքենաներ՝ ՝ դի՛ր։ 3Եւ դուն քեզի երկաթէ տապակ մը ա՛ռ ու զանիկա քու եւ քաղաքին մէջտեղ երկաթէ պարիսպի պէս դի՛ր ու քու երեսդ անոր դէմ շտկէ, որ անիկա պաշարուի ու զանիկա պաշարէ։ Ասիկա Իսրայէլի տանը համար նշան ըլլայ»։
4«Ապա դուն քու ձախ կողմիդ վրայ պառկէ՛ ու անոր վրայ դի՛ր Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը։ Անոր վրայ պառկած օրերուդ թիւովը անոնց անօրէնութիւնը պիտի կրես, 5Քանզի ես անոնց անօրէնութեանը տարիները՝ օրերու թիւով քու վրադ դրի, երեք հարիւր իննիսուն օր, որպէս զի Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը կրես։ 6Երբ այն օրերը լմնցնես, պառկիր քու աջ կողմիդ վրայ ու քառասուն օր Յուդայի տանը անօրէնութիւնը կրէ՛։ Ամէն մէկ տարիին տեղ մէկ օր տուի քեզի։
7Քու երեսդ դէպի Երուսաղէմի պաշարումը շտկէ ու քու բազուկդ մերկացո՛ւր ու անոր վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛։ 8Ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեմ, որպէս զի մէկ կողմէդ միւս կողմը չդառնաս, մինչեւ քու պաշարման օրերդ լմնցնես»։
9Դուն քեզի ցորեն, գարի, բակլայ, ոսպ, կորեկ ու հաճար ա՛ռ։ Զանոնք ամանի մը մէջ դիր ու անոնցմէ քեզի հաց շինէ՛։ Զանիկա, քու ձախ կողմիդ վրայ պառկած օրերուդ համրանքովը՝ երեք հարիւր իննսուն օր ուտես։ 10Ուտելու կերակուրդ կշիռքով ըլլայ, օրը քսան սիկղ։ Օրը մէկ անգամ պիտի ուտես։ 11Ջուրը չափով, հիմենի մը մէկ վեցերորդ մասը պիտի խմես։ Օրը մէկ անգամ պիտի խմես։ 12Քու կերակուրդ գարեղէն շօթերու պէս շինելով պիտի ուտես, զանիկա անոնց աչքին առջեւ մարդու աղբի վրայ եփելով»։ 13Տէրը ըսաւ. «Իսրայէլի որդիները այսպէս անմաքրութեամբ պիտի ուտեն իրենց հացը այն ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ»։ 14Ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա իմ անձս չեմ պղծած եւ իմ տղայութենէս մինչեւ հիմա մեռած, կամ գազանէ պատառուած կենդանիի միս չեմ կերած ու իմ բերանս պիղծ միս չէ մտած»։ 15Ինծի ըսաւ. «Նայէ՛, քեզի մարդու աղբին տեղ կովու քակոր տուի, որ քու հացդ անոր վրայ եփես.։
16Նաեւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես Երուսաղէմի մէջ հացին ցուպը պիտի կոտրեմ ու հացը կշիռքով ու անձկութեամբ պիտի ուտեն ու ջուրը չափով եւ ապշութեամբ պիտի խմեն։ 17Վասն զի հացի ու ջուրի կարօտութիւն պիտի քաշեն ու իրարու սոսկումով պիտի նային եւ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի հալին»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 4: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy